Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Հռոմի մէջ կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու՝ ի…

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Հռոմի մէջ կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու՝ ի պատիւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսի։ Ձեռնարկներուն գլխաւոր կէտերէն մէկը եղաւ Պատրիարք Բարթողիմէոսին՝ Քահանայապետական Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի համալսարանին (Հոըդլսժակ) կողմէ Պատուոյ Աստուածաբանութեան դոկտորի կոչումի շնորհումը։ Այդ բարձր պատիւը շնորհուեցաւ 23 Հոկտեմբերին, ի գնահատանք անոր երկարամեայ հոգեւոր առաջնորդութեան, աստուածաբանական վկայութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միութեան եւ երկխօսութեան հանդէպ ցուցաբերած հետեւողական նուիրումին։
Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ Հռոմի Սուրբ Թէոդորոս Յունաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցականներ, դիւանագէտներ եւ հաւատացեալներ՝ աղօթքի եւ եղբայրական հաղորդակցութեան մթնոլորտի մէջ։ Խաժակ Արք. Պարսամեանի ներկայութիւնը այս ձեռնարկներուն մէջ վերահաստատեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Տիեզերական Պատրիարքարանին միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միասնական վկայութեան ուղղուած փոխադարձ յանձնառութիւնը։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1038251505901596&set=a.135021036224652