Հայկական մարմնամարզութիւնը իր պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը արձանագրեց Նիտերլանդներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ, ուր աշխարհի ախոյենութիւնը Հայաստանի ազգային խումբի համար աւարտեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Հայ մարզիկները նուաճեցին…

Հայկական մարմնամարզութիւնը իր պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը արձանագրեց Նիտերլանդներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ, ուր աշխարհի ախոյենութիւնը Հայաստանի ազգային խումբի համար աւարտեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Հայ մարզիկները նուաճեցին երկու ոսկեայ եւ երկու պրոնզէ մետալներ՝ համաշխարհային մարմնամարզութեան բարձրագոյն պատուանդանին վրայ վերահաստատելով Հայաստանի հեղինակութիւնը։
Յաղթանակներուն առաջինը արձանագրեց 19-ամեայ Համլէթ Մանուկեան, որ նժոյգաթափի մրցաձեւին մէջ աշխարհի ախոյեան հռչակուեցաւ։ Երիտասարդ մարմնամարզիկը եզրափակիչ մրցումին ցուցաբերեց բացառիկ հաւասարակշռութիւն, ճշգրտութիւն եւ թեքնիք պատրաստութիւն։ Անոր կատարումը գնահատուեցաւ 15,300 միաւորով, ինչ որ բաւարար եղաւ գերազանցելու իր բոլոր մրցակիցները։ Արծաթեայ մետալին արժանացաւ Իտալիոյ ներկայացուցիչ Կապրիէլէ Թարկեթթա՝ 15,233 միաւորով։
Հայաստանի յաջողութիւնը կրկնակի դարձաւ, երբ նոյն մրցաձեւին մէջ Մամիկոն Խաչատրեան եւս բարձրացաւ պատուոյ պատուանդան։ Ան 15,000 միաւորով գրաւեց երրորդ դիրքը՝ արժանանալով պրոնզէ մետալի։ Այսպէս, նժոյգաթափի աշխարհի լաւագոյն երեք մարզիկներէն երկուքը Հայաստանի ներկայացուցիչներն էին։
Համլէթ Մանուկեանի յաղթանակը անակնկալ չէր անոր մարզական վերելքին հետեւողներուն համար։ Երիտասարդ մարմնամարզիկը արդէն իսկ երկու անգամ աշխարհի երիտասարդական ախոյեան հռչակուած էր, իսկ 2025-ին Լայփցիկի մէջ նուաճած էր Եւրոպայի մեծահասակներու ախոյենութեան ոսկեայ մետալը։ Ռոթերտամի յաղթանակով ան իր մարզական կենսագրութեան աւելցուց աշխարհի ախոյեանի բարձրագոյն կոչումը։
Հայաստանի երկրորդ ոսկեայ մետալը նուաճեց հայկական մարմնամարզութեան արդէն իսկ մեծ փորձառութեան տէր աստղերէն Արթիւր Դաւթեան, որ յենացատքի եզրափակիչ մրցումին երկու ցատքերու արդիւնքով հաւաքեց 14,850 միաւոր եւ աշխարհի ախոյեան հռչակուեցաւ։
Դաւթեանի համար այս յաղթանակը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մարզական ասպարէզին մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով կը նուաճէ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը։ Առաջին անգամ աշխարհի ախոյեան հռչակուած էր 2022-ին՝ Լիվըրփուլի մէջ։ Դաւթեան նաեւ ողիմպիական խաղերու արծաթեայ եւ պրոնզէ մետալակիր է, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ախոյեան։ Ռոթերտամի ոսկեայ մետալով ան անգամ մը եւս հաստատեց իր տեղը աշխարհի լաւագոյն յենացատկորդներուն շարքին։
Հայաստանի պատուիրակութեան յաջողութիւնները ամբողջացուց Արթիւր Աւետիսեան, որ օղակներու մրցաձեւին մէջ 14,233 միաւորով գրաւեց երրորդ դիրքը եւ արժանացաւ պրոնզէ մետալի։ Եւրոպայի ախոյեան Աւետիսեան այսպէս առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյենութեան մետալ նուաճեց։
Այս չորս մետալները միայն անհատական յաջողութիւններ չեն։ Անոնց յետին կայ երկար տարիներու հետեւողական աշխատանք մը, որուն մէջ իր անուրանալի աւանդը ունի Հայաստանի մարմնամարզութեան ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան։
Վերջին տասնամեակին հայկական մարմնամարզութեան արձանագրած վերելքը մեծ չափով կապուած է Սերոբեանի անունին։ Անոր ղեկավարութեամբ Հայաստանի մարմնամարզիկները հետզհետէ աւելի հաստատուն ներկայութիւն դարձած են Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյենութիւններուն մէջ՝ պարբերաբար նուաճելով բարձրագոյն պարգեւներ։ Սերոբեանի հետեւողական աշխատանքը, մարզիկներու պատրաստութեան նկատմամբ խստապահանջ մօտեցումը եւ նոր սերունդի զարգացման ուղղութեամբ ներդրած ջանքերը վճռական դեր ունեցած են այս վերազարթօնքին մէջ։
Միւս կողմէ յաջողութիւնները առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանան հայկական մարմնամարզութեան փառաւոր անցեալին լոյսին տակ։ Քսաներորդ դարու երկրորդ կիսուն հայ ժողովուրդի անունը միջազգային մարզաշխարհին մէջ պանծացուցած էին ողիմպիական ախոյեաններ Հրանդ Շահինեան, Ալպէրթ Ազարեան եւ մետալակիր Էդուարդ Ազարեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի ախոյեան Արթուր Յակոբեան։ Անոնք իրենց բացառիկ նուաճումներով հայկական մարմնամարզութեան համար ստեղծած էին հարուստ աւանդութիւն մը, որ երկար տարիներ հպարտութեան աղբիւր հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին։
Այսօր այդ աւանդութիւնը արժանաւոր շարունակողներ ունի։ Արթուր Դաւթեան, Համլէթ Մանուկեան, Մամիկոն Խաչատրեան եւ Արթուր Աւետիսեան կը ներկայացնեն մարմնամարզիկներու սերունդ մը, որ ո՛չ միայն կը պահէ անցեալի մեծ վարպետներուն ժառանգութիւնը, այլեւ նոր յաղթանակներով կը հարստացնէ զայն։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1038254589234621&set=a.135021036224652